2009-06-30 13:37:40

Յունիս ամիսը Յիսուսի ս. Սրտի ամիս է`


Յունիս ամիսը Յիսուսի ս. Սրտի ամիս է`30

Ակա՛նջ դիր խօսքերուս Տէր, եւ ընդունէ՛ աղաղակս։

Աղօթքներուս ձայնի՛ն նայէ, թագաւո՛ր իմ, եւ Աստուա՛ծ իմ։

Քեզի՛ կ՛աղաչեմ Տէր, ձայնի՛ս լսէ առաւօտուն։

Պատրա՛ստ պիտի ըլլամ առաւօտները՝` առջե՛ւդ ելլելու։

Որովհետեւ՝` դուն այն Աստուածը չե՛ս, որ անօրէնութիւն ուզես,

եւ չե՛ն բնակիր չարեր՝` քու քովդ։

Մի՛ թողուր, որ անօրէններ բնակին քու աչքերուդ առջեւ։

ես, քու մեծ ողորմութենէդ օգտուելով,

տո՛ւնդ պիտի մտնեմ, եւ քու սուրբ տաճարիդ մէջ՝

քո՛ւ երկիւղովդ երկրպաութիւն պիտի ընեմ ես քեզի։

Տէ՛ր, քո՛ւ արդարութեամբդ առաջնորդէ զիս,

եւ ուղի՛ղ ըրէ քու ճամբաներդ՝ իմ թշնամիներուս պատճառով ։

Որովհետեւ ճշմարտութի՛ւն չկայ անոնց բերնին մէջ,

եւ սնանկացա՛ծ է անոնց միտքը։

Թող ուրախանան բոլո՛ր անոնք, որոնք քո՛ւ վրադ դրած են իրենց յոյսը

յաւիտեա՛ն թող ցնծան, քանի որ դո՛ւն պիտի բնակիս անոնց մէջ։

Քեզմո՛վ թող պարծենան քու անունդ սիրողները,

քանի որ պիտի օրհնե՛ս դուն արդարը։








All the contents on this site are copyrighted ©.